Վարդանանց Տօն
Հակառակ կորոնաժահրի պատճառաւ ստեղծուած պայմաններուն, "Արթաքի Գալփաքեան" Վարժարանի աշակերտները այս տարի եւս նշեցին Վարդանանց տօնը, երգերով, արտասանութիւններով ու գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներու պատրաստութեամբ դասարաններուն մէջ: Մեր Վարժարանի ուսուցիչները եւ աշակերտները կը շնորհաւորեն բոլորի՛դ Վարդանանց տօնին առթիւ: